Լուծումը՝ Լիզպոնեան կտակը

Հ.Յ.Դ Նոր Սերունդի երկու ընկերով ժամանեցինք լիբանան, մասնակցելու Լ.Ե.Մ-ի հիմնադրութեան 50 ամեակին նուիրուած խորհրդաժողովին: Այս խորհրդաժողովին ընթացքին Մեծ շուքով նշուեցաւ Լիզպոնի տղոց՝ վրէժի Աստուածներու հերոսութեան 40 ամեակը։ Նախքան մեկնումը մեր մտորումները շատ էին։ Այս անկայուն իրավիճակին, մեր գործնական դաշտէն՝ ֆրանսայէն դուրս գալը որքանո-վ նպատակայարմար էր։ Մեր ամէն մտահոգութիւնները մէկ կողմ դնելով , որոշեցինք ներկայ ըլլալ…

Ազգային Deep State-ի անհրաժեշտութիւնը…

  Արեւմուտքի երկիրներու քաղաքականապետական բառամթերքին մէջ,Deep state-ը ունի բացասական սատանայական իմաստ,Ան այնտեղի կամ միջազգային դրամագլուխական աւազակախումբի եւ հանրութիւնը շահագործողի եւ ժողովրդավարութեան հակառակ գործողի կերպար ունի, որ ըստ շատերու իսկական ղեկն է տրուած երկրի։ Մեր պարագային, Մենք պետք էր ունենայինք ազգային Deep State,Պետք էր, պետք է հիմայ եւ պետք պիտի ըլլայ ապագային,Այնպիսի կառոյց մը որ մշտական…

Նախապատերազմ, հետպատերազմ

Դիւրին է հիմա, Արցախեան պատերազմէն ամիսներ ետք, վերլուծել իրադարձութիւններ, գտնել յանցագործներ, իրար կապել անկախ դէպքեր: Ըստ երեւոյթին, դիւրին չէր նոյն վերլուծութիւնները ընել պատերազմէն առաջ, կանխագուշակելու համար գալիքը: Բնական է. Ապագան կախեալ է անգուշակելի անակնկալներէ: Հետեւաբար, չեմ ուզեր անցեալին անդրադառնալ զայն վերլուծելու նպատակով, այլ կը փորձեմ հասկնալ թէ ինչ սորվեցայ եւ ինչպէս փոխուեցաւ մտածելակերպս, նախապատերազմ եւ…

Վե՛րջ ֆրանս-ազրպէյճանական համագործակցութեան

Հաղորդագրութիւն 04 Յուլիս 2019, Փարիզ Անցեալ ամիս իմացանք, որ Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ազերի լոպիներու ճնշման տակ, Վալ Տուազի եւ ապա Կրընոպլի վարչական դատարանները չեղեալ յայտարարած են Ֆրանսայի եւ Արցախի հինգ քաղաքներու միջեւ կնքուած բարեկամութեան հռչակագիրները: Այսպիսով Առնուվիլի, Վալանսի, Պուր-լէ-Վալանսի եւ Պուր-լը-Բէաժի քաղաքապետերու բոլոր ջանքերը, Արցախի Հանրապետութեան հետ կապեր հաստատելու առումով, ապարդիւն անցած են: Ֆրանսան անգամ…

La F.R.A. Nor Seround au rendez-vous de l’Europe

Les 10, 11 et 12 mai derniers s’est tenu à Athènes le séminaire paneuropéen de jeunesse de la FRA. 8 jeunes militants de la FRA Nor Seround ont représenté la France à l’occasion de cet événement ayant réuni près de cinquante jeunes issus de différents pays d’Europe : Angleterre, Belgique, France, Hollande, Grèce, Suède, mais…

Կայծակնայինին՝ հրաբուխներով

Միայն երեք տարի առաջ էր, երբ թուրքը հաւատարիմ մնալով իր ծաւալապաշտական քաղաքականութեան, տակաւին Սումկայիթի  թարմ արիւնը չմաքրած, կրկին ձեռքը երկարեց սուրին։ Ջարդելով ծերունիներ, սպաննելով երեխաներ ու ռմբակոծելով դպրոցներ՝ համայն հայութեան ձեռնոց նետեց։ Հայ ժողովուրդը այո՛ գոռաց եւ վերցուց այդ ձեռնոցը: Արցախեան կանաչ լեռներու «ի զէ՛ն հայեր» կոչը, ցնցեց բոլորը։ Այս աննախադէպ լայնամասշտաբ յարձակումը տեւեց 4…

Յանձնառու երիտասարդի դերակատարութիւնը

Յանձնառու երիտասարդի դերակատարութիւնը 1500-ական թուականներէն սկսեալ Մարսէյի նաւահանգիստներուն մէջ արդէն կը գործէին հայ վաճառականներ: 1915-ի սարսափելի ջարդէն ու տեղահանութենէն ետք, անմարդկային վայրագութիւնները վերապրած մեծ թիւով անմեղ հայորդիներ հասան Ֆրանսա: Գաղթականներուն մեծամասնութիւնը հաստատուեցաւ երկրին հարաւային շրջանները ու շուտով հիմնեց իր միութիւնները, կրօնական ու քաղաքական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ ստեղծեց մշակութային կենսունակ մթնոլորտ, ուր ծաղկեցաւ նաեւ գրականութիւնը: Մէկ…

Կենացդ հայ զինուոր

Սիրելի՛ հայ զինուոր, Ըստ երեւոյթին դեկտեմբերի 31-ն է այսօր։ Բոլորը պատրաստ են դիմաւորելու 2017-ն։ Մեր քով ամէն տարուայ նման ընտանիքը եւ ընկերները ջերմ մթնոլորտի մէջ հաւաքուած, գունաւոր մեր տոնածառի եւ ամանորի մեր ճոխ սեղանի շուրջ իրար գինիի բաժակ կը լեցնեն ու իրար կենաց կը խմեն։ Երեխաները իրենց յաւերժական անմեղութեամբ կաղանդ պապային նուէրներուն կը ծանօթանան։ Հոս՝…

Ani, 21 ans, dans l’enfer d’Alep

« Պատուհանը կեցած կը դիտեմ երկինքը, կը դիտեմ շուրջս : Հովը կը փչէ օդը անուշ բայց ինչ Իմաստ, ինչ օգուտ երբ փողոցը պարապ մարդ չկայ : Խանութները փակ են : Հռթիրներուն ձայնը ականջիս, սիրտս կու լայ կը ցաւի : Որքան զոհ, որքան տուներ քանդուեցան մանուկներ դեռ նոր կը բանային իրենց աչքերը դեռ նոր կը սկսեին…