Լիզպոնէն Հայաստան

35 տարի է արդէն որ իրենք չկան, 35 տարի է արդէն որ ԼԵՄի եւ դաշնակցութեան գաղափարական դպրոցը աւարտած տղաքը անմահացան եւ շատերու սրտերը խորտակելով մեզի յիշեցուցին զէնքի ուժը ներքին հոգեբանութեան եւ արտաքին ճակատներու վրայ, յիշեցուցին Վիտոշի Բազէն իրենց համեստութեամբ եւ նուիրուածութեամբ: Յիշեցուցին թէ մենք տակաւին պարտական ենք 1915ի տառապած սերունդին։

Ո՛չ բռնատիրութեան, ո՛չ լռութեան պատին, ո՛չ անարդարութեան: Այս տղոց ո՛չ-ը պիտի դաստիարակէր հազարաւոր երիտասարդներ, որոնք իրենց ոչը պիտի ըսէին աւելի ուշ ազէրիին, եւ զինուած այս տղոց նահատակութեան պաշտամունքէն, ազատագրեցին մեր Արցախը։

Լիզպոնի տղոց մղիչ, հսկայական, անսպառ ու անպարտելի ուժին գաղտնիքը սէրն է ընկերներ, Սէրը այն լեռներուն որ չտեսան անոնք, սէրը այն ձորերուն հարազատ արեամբ լեցուն եւ կարօտը մեր պապական հողին, սեփական երկրին։

Հաւատք, պայքար, զոհաբերութիւն: Ահա պատգամը Արային, Սեդրակին, Վաչէին, Սիմոնին ու Սագոյին: Ահա այն ջահը որ պէտք է պահենք անմառ, ահա այն ջահը որ այլեւս պէտք է օգտագործենք։

Մեր հաւատքը՝ սոցիալական արդարութեան, անհատի ազատագրութեան եւ ընդհանրապէս հաւասարութեան եւ յառաջդիմողականութեան, պԷտք է այլեւս գործադրենք ներհայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ:

Պէտք է եւ պիտի պայքարինք մեր «ձախ»ի գաղափարախօսութեան համար, բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ’ուզեն շահագործել ուրիշը, բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ’ուզեն սպաննել ժողովուրդի քննադատական ոգին: Պիտի պայքարինք օրէնքը յարգելով եւ պիտի տարածենք մեր գաղափարները որպէսզի կարելիին չափ մօտենանք հաւաքական երջանկութեան։

Այս արմատական փոփոխութեան իրականցման համար եւ ժամանակակից ընկերվար պետականութեան հասնելու համար պէտք է զոհաբերենք անձնական գերագոյն նպատակները եւ փորձենք մասնագիտանալ այնպիսի ճիւղերու մէջ, որոնցմով պիտի կարողանանք որակական ներդրումներ արձանագրել պետականութեան ընկերվար դիմագիծի որդեգրման մէջ։

Վստահաբար եթէ այդ տղաքը ողջ ըլլային, պիտի զբաղէին այս օրակարգով, որ այսօրուայ ամէնաէական ու ճակատագրական ազգային օրակարգն Է։

Այս բոլորը ըսելով պէտք չէ մոռնալ թէ զէնքը տակաւին պէտք է մօտ պահել եւ պէտք եղած պահուն կեդրոնանալ նաեւ ապահովական օրակարգին, որովհետեւ առանց անոր միւս բոլոր ընկերային հարցերու օրակարգները անիմաստ են։

Նժդեհ Գարագաւորեան