Հայաստանի առաջին հանրապետութիւն

Այս տարի, հայերը կը պատրաստուին տօնելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակը: Բայց գիտե՞նք արդեօք ինչ կը ներկայացնէ 28 Մայիս 1918-ը:

Քսաներորդ դարու սկիզբը, մեր ժողովուրդին համար աղէտալի դէպքերէն ետք, հայերը ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Ամբողջ աշխարհը ազդուած էր Համաշխարհային Առաջին Պատերազմէն: Թուրքիան եւ Գերմանիան պարտուեցան պատերազմին մէջ: Ռուսաստանը խեղդուած էր ներքին խնդիրներով, որոնք պատճառ դարձան ցարի անկումին եւ համայնավար վարչակարգի հաստատման: Այս վիճակին մէջ, մէջտեղ եկաւ Անդրկովկասեան Ժողովրդական Դաշնակցային Հանրապետութիւնը, որ կը համախմբէր վրացի, ազերի եւ հայ երեսփոխաններ: Սակայն ո՛չ Պոլշեվիկ Ռուսաստանը եւ ո՛չ Թուրքիան կը ճանչնային այս կարճատեւ հանրապետութիւնը, որը լուծուեցաւ 26 Մայիս 1918-ին: Հայերը, վրացիները եւ ազերիները կը ստորագրեն դաշնագրեր եւ կը հռչակեն իրենց անկախութիւնը: Հայաստան յաղթական դուրս կու գայ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերէն, Թուրքիոյ դէմ: Ահաւասիկ ծնունդ կ’առնէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, 28 Մայիս 1918-ին:

Կառավարութիւնը կը կազմուի մեծամասնութեամբ դաշնակցական նախարարներէ: Յովհաննէս Քաջազնունի կը դառնայ կառավարութեան վարչապետ, որուն մէջ չեն մտներ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները: Այդ ժամանակ, Հայաստանը կ’ընդգրկէ 1 միլիոն բնակիչ, որոնցմէ 300 հազարը փախստականներ, եւ ունի 11 հազար քիլոմեթր հողային տարածք: (Ետին կը գտնէք հայկական հողային տարածքին փոփոխութիւնները): Սակայն կեանքի պայմանները ցաւալի են եւ ժողովուրդին քսան առ հարիւրը կը տառապի ժանտատենդէ (ty­phus): Կառավարական ենթակառոյցներ չկան, կառավարութիւնը միջոցներ կը փնտռէ իր ժողովուրդին վիճակը բարելաւելու համար: 4 Յունիս 1918ին, Թուրքիա կը ստորագրէ Պաթումի դաշնագիրը եւ պաշտօնապէս կը ճանչնայ երեք նորակազմ հանրապետութիւններու անկախութիւնները՝ Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի:

Այս դաշնագրի ստորագրումէն ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը կը սկսի կազմակերպել երկիրը : Կը ստեղծէ Ազգային Ժողովը, տարբեր վարչութիւններ, բանակ եւ նախարարութիւններ: Կ’ընտրէ եռագոյնը որպէս դրօշակ եւ Մեր Հայրենիքը որպէս քայլերգ: Կառավարութիւնը կ’առնէ նաեւ ժողովրդավարական նոր քայլեր, հաստատելով համընդհանուր ընտրական իրաւունքը, բարեփոխելով գործի պայմանները, արգիլելով անչափահասներու աշխատանքը եւ ութ ժամուան սահմանափակելով առօրեայ աշխատանքի ժամերը: 1918-էն սկսեալ կիներուն կու տայ ընտրելու իրաւունք (բաղդատելու համար, Ֆրանսան այդ իրաւունքը կու տայ 1944-ին եւ Միացեալ Նահանգները՝ 1920-ին): Մէջտեղ կը բերէ նաեւ պետական տուրքի յառաջադէմ վարչաձեւ, կը վերակազմակերպէ դատական համակարգը, կը հաստատէ պարտադիր եւ ձրի նախակրթական ուսումը, եւ կը ստեղծէ առաջին համալսարանը 1920-ին:

10 Օգոստոս 1920-ին, Բրիտանական Կայսրութիւնը, Ֆրանսան, Ճափոնը եւ Իտալիան, դաշնակից երկիրներուն հետ համաձայնաբար (որոնց շարքին նորանկախ Հայաստանը), կը ստորագրեն Սեւրի դաշնագիրը: Դաշնագրին մէջ, երկու յօդուածներ կարեւոր են հայերուն համար (88 եւ 89): Առաջինով Թուրքիան կը ճանչնայ Հայաստանը՝ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն: Երկրորդը հիմնական է, այն իմաստով որ ան կը կազմէ մեր ներկայ պահանջներուն խարիսխը: Այս յօդուածով Հայաստան եւ Թուրքիա կը համաձայնէին երկու պետութիւններու միջեւ սահմանազատումը յանձնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ուտրո Ուիլսընին, որ կը նախատեսէր Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգները յանձնել Հայաստանին: 1920-ի վերջերը, Հայաստան ներխուժելու քեմալական Թուրքիոյ յաճախակի փորձերը, կը ստիպեն Հայաստանի կառավարութիւնը յանձնուիլ Խորհրդային Միութեան համայնավար ղեկավարութեան: Այս ժամանակաշրջանին կը ստորագրուի Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, որուն մէջ կը նշուէր, թէ Կարսն ու Սուրմալուն վիճելի տարածքներ էին:

Առաջին Հանրապետութիւնը հիմքն է ներկայ Հայաստանի: Արամ Մանուկեանի, Համօ Օհանջանեանի, Ռուբէն Տէր-Մինաեանի եւ ուրիշներու առած քայլերը օրինակներ են յառաջդիմութեան եւ բարեսրտութեան ժողովուրդին հանդէպ: Հայաստանի Առաջին Անկախ Հանրապետութիւնը պէտք է ծառայէ իբրեւ օրինակ այսօրուան Հայաստանին՝ առողջ եւ հաստատուն ապագայ մը հիմնելու: Երկար աշխատանք մը կը տարուի այս ուղղութեամբ: Մեր գլխաւոր դաշնակիցը ժամանակն է, ան թոյլ կու տայ սորվիլ մեր սխալներէն եւ յառաջանալ՝ նպատակ ունենալով Հայ Ազգին ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական յարատեւ զարգացումը:

Սաշա Վայթէ-Գազարեան