Յանձնառու երիտասարդի դերակատարութիւնը

crédist knar bedian

Յանձնառու երիտասարդի դերակատարութիւնը

1500-ական թուականներէն սկսեալ Մարսէյի նաւահանգիստներուն մէջ արդէն կը գործէին հայ վաճառականներ: 1915-ի սարսափելի ջարդէն ու տեղահանութենէն ետք, անմարդկային վայրագութիւնները վերապրած մեծ թիւով անմեղ հայորդիներ հասան Ֆրանսա: Գաղթականներուն մեծամասնութիւնը հաստատուեցաւ երկրին հարաւային շրջանները ու շուտով հիմնեց իր միութիւնները, կրօնական ու քաղաքական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ ստեղծեց մշակութային կենսունակ մթնոլորտ, ուր ծաղկեցաւ նաեւ գրականութիւնը: Մէկ խօսքով գաղութը ինքզինք կազմակերպեց, սկսաւ շաղուիլ տեղացիներուն հետ, ու տեղական պայմաններուն համակերպելով փորձեց յառաջդիմել ու առողջ կեանք վարել: Այսօր Ֆրանսահայ գաղութը սիրուած ու յարգուած է ֆրանսական շրջանակին կողմէ: Ան սիրաշահած է տեղացիին վստահութիւնը, ինչպէս իւրաքանչիւր հայ գաղութ աշխարհի տարածքին: Հայը՝ ուր որ ալ գտնուի, փորձած է ըլլալ այդ երկրին տիպար քաղաքացին, գործադրելով իր քաղաքացիական պարտականութիւնները եւ պաշտպանելով իր իրաւունքները: Բայց այս բոլորին կողքին մեզ կը յարգեն որպէս իր արմատներուն կառչած ազգ, որպէս իր մշակոյթն ու ազգային արժէքները պահպանող ազգ: Այսօր սակայն, ո՞ւր են այդ սուրբ արժէքները, որոնց պէտք է հաւատարիմ ըլլանք. այսօր ինչե՞րն են մեր առաջնահերթութիւնները: «Անձնական երջանկութեան վարդապետութիւն, ահա թշնամին մեր ազգի հաւաքական երջանկութեան»,ըսած է Նժդեհ: Այս խօսքով կարելի է լուսաբանել շարք մը հոգեբանական վիճակներ ու մտահոգութիւններ, ինչպէս նաեւ հաստատել իրականութիւններ: Ֆրանսական ապրելակերպը ու կեանքի պայմանները ընդհանրապէս հանգստաւէտ են. երկիրը բոլորին առիթ տուած է, որ աշխատանքով ու ճակտի քրտինքով յառաջդիմէն եւ յաջողին, ունենալով բացարձակ ազատութիւն եւ կայունութիւն: Այս ապրելակերպը, անշուշտ, առինքնող է ու երանելի, բայց ունի լաւ ու վատ կողմեր: Նշենք անոր յոռի ծալքերը, որոնց ներգործութիւնը ընդհանրապէս աննշմարելի է: Նմանօրինակ ապրելակերպ մը կը գրգռէ մարդուն «ես»ը, անոր մէջ կ’արթնցնէ եսակեդրոնութիւն եւ եսասիրութիւն: Թմրամոլի նման գերին կը դառնանք այսպիսի կեանքի, մեր միակ մտահոգութիւնը կը մնայ մեր մարդկային ու ֆիզիքական երջանկութիւնը, ու այսպիսով կը հեռանանք հաւաքական ու ազգային շահերէ եւ կուրօրէն կը հետեւինք այս ապրելաձեւին, որ կը կլանէ մեզ: Պէտք է արթննանք եւ դուրս գանք այս վիճակէն ու նկատենք իրականութիւնները, չխաբուինք երեւոյթներով ու մեր ազգային ժառանգութիւններուն տէրը կանգնինք: Համաշխարհայնացման ու օտարամոլութեան հրապուրիչ հոսանքները հետզհետէ կը թափանցեն մեր իրականութեան, զգոյշ ըլլանք ու կուրօրէն չհետեւինք համամարդկային շարժումներու, որոնց գերագոյն նպատակն է փորտակել մեր ինքնութիւնն ու ոչնչացնել մեր ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ մեր գաղափարաբանութիւնները: Այն անձը որ գիտակից հետեւորդն է նմանօրինակ բնոյթ ունեցող կազմակերպութիւններու, դաւաճան կը նկատուի նախ ինքնիր անձին, ապա իր ընտանիքին ու իր ժողովուրդին, գուցէ անգիտակցաբար, բայց ան արդէն գործակից է բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզէին, կ’ուզեն եւ պիտի ուզեն բնաջնջել հայ ազգը, թէկուզ ոչ ֆիզիքապէս, բայց անպայման մտային: Ազգայնական ըլլալ, չի նշանակեր ըլլալ ազգայնամոլ կամ ցեղապաշտ. ընկերվարական ըլլալ, չի նշանակեր ծառայել այդ գաղափարաբանութեան հետեւորդներուն եւ մոռնալ ազգայինը: Մենք համաձայն ենք եւ աջակից ընկերվարական շարժումներու ու հոսանքներու այնքան ատեն որ անոնք չեն վնասեր մեր ազգային շահերուն ու հետապնդած նպատակներուն, որոնց համար գերագոյն զոհողութեան պատրաստ եղած են անձնուէր հայորդիներ: Իսկ մենք՝ ժառանգորդներս այդ սերունդներուն, պէտք է գիտակցինք որ յեղափոխութեան ու հերոսութեան չափանիշը չի կրնար ըլլալ քարկոծելն ու հրահանգներուն հակադրուիլը: Հայ ազգը պէտք չունի այսպիսի «հերոսներ»ու… Մեզի պէտք են իսկական յեղափոխական գաղափարներով զինուած տղաք, որոնք ունին այնպիսի՛ հաւատք ու կամք, այնպիսի՛ արժէքներ, որոնց շնորհիւ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ի ծրագիրը պիտի դադրի լոզունգ ըլլալէ ու վերահաստատուի իբրեւ շօշափելի ու իրագործելի գերագոյն նպատակ: Այսօրուան յեղափոխականութիւնն ու պայքարը առաջին հերթին անձնական է ու հոգեբանական: Այսօր հայերէնին եւ հայոց պատմութեան տիրապետելը անհրաժեշտութիւն պէտք է ըլլան: Հայերով շրջապատուիլը պէտք է համարենք պարտականութիւն… Այս տխուր եւ անմխիթար աշխարհին մէջ հեռատես պէտք է ըլլանք: Անձնական յաջողութիւնը պէտք է օգտագործենք մեր շրջապատին բարելաւման համար, միաժամանակ հետեւելով «Բարձրացի’ր, բարձրացո’ւր» կարգախօսին: Սիրելի ընթերցող, մեր գոյապայքարը իւրայատուկ է: Յանուն անոր անկարելին իսկ պէտք է կարելի դարձնենք: Պէտք ունինք «խենթեր»ու հասնելու համար յաղթական բարձունքին: Հայ երիտասարդութիւնը պէտք է իր ժողովուրդին ծառայէ, իսկ ժողովուրդը՝ իր պատմութեան: Արթուն պահակը ըլլանք մեր արժէքներուն եւ հաւատարիմ զինուորը մեր ազգին: Գիտակցինք այս բոլորին, արթննանք, միացնենք մեր շարքերը ու պայքարինք: Ընկեր Մհեր Ջուլհատճեանի խօսքով՝ «Մահ ընկրկումին ու նահանջին»:
Նժդեհ Գարագաւորեան