Արցախի զօրակցութիւն

coat_of_arms

Ապրիլ 1ի գիշերը, Ազրպէյճանի կողմէ նախատեսուած լայնածաւալ յարձակումներ կը սկսին Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ: Այս յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք հայկական կողմը կ՛ունենայ տասնեակ նահատակ զինուորներ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ, չմորնալով ծերունիներու եւ պատանիներու սպանդը, իսկ Ազրպէյճանի կողմը ունեցաւ բազմապատիկ անգամ աւելի զոհեր, շնորհիւ մեր յանդուգն զինուորներուն:

Ասոնք պատերազմի ոճիրներ են: 2016ին, պատմութիւնը կը կրկնուի, դարձեալ եւ միշտ արեւմուտքի անտարբերութեան եւ մեղսակից լռութեան առջեւ:Բոլորս պատրաստ ենք, ամէնէն երիտասարդէն ամէնէն տարիքոտը մեր օժանդակութիւն բերելու Արցախի: Չմտահոգուինք, յաղթական պիտի ելլենք այս կացութենէն, որովհետեւ մինչ Ազրպէյճանը կը մղէ հողային կռիւներ, Ղարաբաղը կը մղէ ազգային գոյապայքար:

Կ’ուզենք փառաբանել եւ խոնարհիլ բոլոր զինուորներուն եւ կամաւորներուն առջեւ, որոնք գիշեր ու ցերեկ կը պայքարին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան համար, եւ կը նահատակուին վասն մէկ գաղափարի, հայ ժողովուրդի ազատութեան:

Այսուհետեւ, կոչ կ’ուղենք երիտասարդութեան, միանալու մեր երթին և միասնաբար աշխատելու և հասնելու մեր նպատակներուն, որովհետեւ հիմա աւելի քան երբէք, Լեռնային Ղարաբաղի պետութիւնը ժողովուրդը պէտք ունի իւրաքանչիւրիս, ամէն տեղ, Հայաստանի եւ ամբողջ սփիւռքի մէջ, պայքարելու եւ աջակցելու ռազմականօրէն, բարոյապէս, նիւթապէս եւ քաղաքականօրէն նպատակ ունենալով արթնցնել միջազզգային համայնքը, որպէսզի վերջապէս ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ բառը թնդայ Կովկասի խորերը, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը միանայ միջազգային պետութիւններուն:

Berdj Kertechian