Դիւրին է հիմա, Արցախեան պատերազմէն ամիսներ ետք, վերլուծել իրադարձութիւններ, գտնել յանցագործներ, իրար կապել անկախ դէպքեր: Ըստ երեւոյթին, դիւրին չէր նոյն վերլուծութիւնները ընել պատերազմէն առաջ, կանխագուշակելու համար գալիքը: Բնական է. Ապագան կախեալ է անգուշակելի անակնկալներէ:
Հետեւաբար, չեմ ուզեր անցեալին անդրադառնալ զայն վերլուծելու նպատակով, այլ կը փորձեմ հասկնալ թէ ինչ սորվեցայ եւ ինչպէս փոխուեցաւ մտածելակերպս, նախապատերազմ եւ հետպատերազմ երկու ժամանակաշրջաններուն միջեւ:
Առաջին, անդրադարձայ որ մարդու իրաւունքները եւ պատերազմի օրէնքները երեւակայութիւններ են ստեղծուած իտէալական աշխարհի մը համար, որուն մէջ չենք ապրիր: Այս երեւակայական գաղափարները հսկող կազմակերպութիւններու եւ օտար երկիրներու առաջնորդներու դատապարտումները անիմաստ ձեւակերպութիւններ են, նոյնքան օգտակար եւ ազդու, որքան թուղթէ շերեփը: Խրիմեան Հայրիկը մէկ դար առաջ փորձեր էր դաս տալ, թերեւս միամիտ էի կամ լաւատես: Սորվեցայ, որ բազմակողմանի կռիւի մը մէջ, այն կողմը, որ առանձին խաղաղասէր է, դատապարտուած է պարտութեան, այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ խաղաղութիւնը, եւ ուրեմն խաղաղասիրութիւնը, հաւաքական արժէքներ են:
Երկրորդ, անդրադարձայ որ պէտք է միշտ որոշումներ առնել եւ աշխատանքի անցնիլ, ենթադրելով որ ամենավատ դէպքը պիտի պատահի: Ապագան գուշակելը անկարելի է, հետեւաբար, մեր ապագային վրայ գոնէ մասնակի ձեւով իշխելու համար, մեր ունեցած միակ ընտրանքը, պատրաստուիլն է ամենավատ պատահարին: Այսպիսով, մենք կարելի եղած չափով կը նուազեցնենք գէշ անակնկալներու հաւանականութիւնը, որովհետեւ ամէնէն վատ պատահարը արդէն մեր ծրագրէն բաժին դարձուցած կ’ըլլանք: Այսօր աւելի քան երբէք, պէտք է ենթադրենք, որ Հայաստանի գոյութիւնը վտանգի տակ է (շատ հաւանաբար աւելի իրականութիւն, քան ենթադրութիւն), եւ աշխատինք, թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ազգային մակարդակի վրայ, այս պատահարը արգիլելու: Արգիլել չի նշանակեր անպայման պաշտպանողական կեցուածք ունենալ, այլ եթէ հարկաոր է յարձակողականի անցնիլ:
Երրորդ եւ վերջին, կ’անդրադառնամ որ մեր աշխատանքը երբէք չի կրնար դադար առնել, ո՛չ յաղթանակէ ետք, եւ մանաւանդ ո՛չ պարտութենէ ետք: Արցախի ազատագրումէն ետք, մեր յանցանքը դադար առնելն էր եւ այդ յաղթանակով գինովնալը: Նոյն սխալը չկրկնենք այսօր: Որքան ալ ծանր ըլլան հարուածները, երբէք չենք կրնար յուսահատիլ: Ընդհակառակը, մեր ազգին ու էութեան դժուարութիւնները մեզի կը մղեն մեր ջանքերը բազմապատկելու: Մեր նպատակը չարիքը արգիլելն է, իսկ յուսահատիլը գործօն դերով չարիքը իրականացնելն է:
Պատերազմէն ետք, այս երեք հիմնական մտածումները կը ղեկաւարեն մտածելակերպս: Պահանջատիրութեան մեր պայքարին մէջ, կ’աւելնայ Արցախը, նպատակը կը մնայ նոյնը: Իրականացնե՛նք այդ անսպասելի անակնկալը: Յաղթե՛նք:
Սագօ Հալլաճեան