Հ.Յ.Դ. ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴՒ ՀԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՈՒՆ

Հ.Յ.Դ. ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ Հ.Ե.Մ.-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԱԾ ՈՍՏԻԿԱՆԱԿԱՆ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի կեդրոնական վարչութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամներուն դէմ կիրարկուած անհամաչափ ու անհամապատասխան ուժը՝ Դեկտեմբեր 3-ի խաղաղ ցոյցի ժամանակ։ Անիկա մարմնացումն է այլախոհութեան ու բովանդակալից քննադատութեան նկատմամբ այս իշխանութիւններուն կողմէ դրսեւորուած անհանդուրժողականութեան։

Խիստ մտահոգիչ է օրէնքի դիմաց բոլորի հաւասարութեան հարցը, յատկապէս երբ  Մայիսին կայացած դատարաններու պաշարման քայքայիչ,անպատասխանատու եւ վտանգաւոր անհնազանդութեան մասնակիցները ոչ մէկ ձեւով ոստիկանութեան հաշիւ ներկայացուցին. ասոր դիմաց մեր ՀԵՄի խաղաղ եւ դաստիարակուած ընկերներէն 24-ը բերման ենթարկուեցան եւ աւելի քան 3 ժամ մնացին ոստիկանատան մէջ:

ԿԳՄՍ նախարարի  ՓԱՐԻԶ այցի ժամանակ, մենք անոր ներկայացուցինք ՀԵՄ-Ի ընկերներու պահանջները, որոնք կը մնան յստակ և անփոփոխ՝ ազգային և առաջադէմ կրթութիւն, յիշեցուցինք անոր նաեւ որ դաշնակցութեան միասնականութիւնը անխորտակ է,եւ թէ այդ ուղղութեամբ կատարուած բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան։

Դեկտեմբեր 3-ի ոստիկաններու գործադրած անհամապատասխան ուժի կիրարկումէն ետք, եւ նկատի ունենալով այն անընդունելի զսպողական քաղաքական պատուէրը, մենք՝Ֆրանսայի ՀՅԴ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ անգամ մը եւս, անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնենք ՀԵՄ-ի մեր ընկերներուն, միանալով Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի ներկայացման իրենց պահանջին։