Վե՛րջ ֆրանս-ազրպէյճանական համագործակցութեան

Հաղորդագրութիւն

04 Յուլիս 2019, Փարիզ

Անցեալ ամիս իմացանք, որ Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ազերի լոպիներու ճնշման տակ, Վալ Տուազի եւ ապա Կրընոպլի վարչական դատարանները չեղեալ յայտարարած են Ֆրանսայի եւ Արցախի հինգ քաղաքներու միջեւ կնքուած բարեկամութեան հռչակագիրները: Այսպիսով Առնուվիլի, Վալանսի, Պուր-լէ-Վալանսի եւ Պուր-լը-Բէաժի քաղաքապետերու բոլոր ջանքերը, Արցախի Հանրապետութեան հետ կապեր հաստատելու առումով, ապարդիւն անցած են:

Ֆրանսան անգամ մը եւս կ’անարգէ իր իսկ դաւանած արժէքները: Այս հռչակագիրները, որոնք պէտք է ներկայացնէին քաղաքներու միջեւ բարեկամութիւնը, չեղարկուած են՝ տնտեսական եւ քաղաքական շահեր հետապնդելով, եւ ծունկի գալով բռնապետ Ազրպէյճանի առջեւ: Ո՞ւր մնացին Մարդու Իրաւունքները եւ Ֆրանսայի չէզոք կեցուածքը:
Եւ դեռ չվերջացաւ: Արդէն գիտէինք Մաքրոնի Ֆրանսայի եւ բռնապետ Ալիեւի Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական կապերուն մասին: Ֆրանսան զէնք կ’արտադրէ եւ կը մատակարարէ ազրպէյճանական բանակին, որն այդ զէնքերը կ’օգտագործէ մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն դէմ: Այժմ կը տեղեկանանք, որ ֆրանսական Thales ընկերութիւնը Ազրպէյճանին պիտի մատակարարէ յայտնաբերման եւ ռատիոտեղորոշման տարբեր տեսակի համակարգեր:
Այս պատճառներով, կոչ կ’ուղղենք ձեզի մասնակցելու՝ այս Չորեքշաբթի,10 Յուլիսի ժամը 18:30 ին, Եւրոպայի եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիմաց տեղի ունենալիք բողոքի ցոյցին:
Վե’րջ ֆրանս-ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական համագործակցութեան: Ֆրանսայի կառավարութեան յիշեցնե՛նք իր պարտականութիւնները: Յիշեցնե՛նք, որ յարգանքը եւ մարդկային արժէքները աւելի կարեւոր են քան դրամը: Յիշեցնե՛նք, որ իր ծախած զէնքն ու զինամթերքը կը գործածուին մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն դէմ, որոնք իրենց կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հողերը:
Ալ կը բաւէ՛ խնդաք Ֆրանսայի հայ համայնքին վրայ պարոն Մաքրոն: Կը բաւէ՛ խաղաք Արցախը պաշտպանող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կեանքերուն հետ:

ՀՅԴ Նոր Սերունդ