Կայծակնայինին՝ հրաբուխներով

Միայն երեք տարի առաջ էր, երբ թուրքը հաւատարիմ մնալով իր ծաւալապաշտական քաղաքականութեան, տակաւին Սումկայիթի  թարմ արիւնը չմաքրած, կրկին ձեռքը երկարեց սուրին։ Ջարդելով ծերունիներ, սպաննելով երեխաներ ու ռմբակոծելով դպրոցներ՝ համայն հայութեան ձեռնոց նետեց։
Հայ ժողովուրդը այո՛ գոռաց եւ վերցուց այդ ձեռնոցը: Արցախեան կանաչ լեռներու «ի զէ՛ն հայեր» կոչը, ցնցեց բոլորը։
Այս աննախադէպ լայնամասշտաբ յարձակումը տեւեց 4 օր, եւ թշնամիին միլիառնե՛րը, թշնամիին բանա՛կը ջախջախիչ պարտութիւն կրելով, Ազրպէյճան  Մոսկուայի միջնորդութեամբ զինադադար կը պահանջէ։
Անշուշտ մենք ալ ունեցանք կորուստներ, փայլուն ու անմեղ զոհեր, որոնք երբեք պիտի չվերադառնան, պիտի չպսակուին, պիտի չուրախանան։ Անոնց ընտանիքները ամէն Կիրակի եկեղեցի երթալով պիտի յիշեն զիրենք ու պիտի աղօթեն իրենց համար, անոնց հպարտ մայրերը սե՛ւ հագուստներով ցմահ պիտի պահեն սուգը իրենց անմահացած որդիին։
Ուրեմն ի՞նչպէս կարելի է հաւատարիմ մնալ նահատակներուն, ի՞նչպէս կարելի է իսկապէս յարգել անոնց գերագոյն զոհաբերութիւնը։
Կան հիմնական 2 ուղեգիծեր, որոնց վրայ պէտք է կեդրոնանանք ազգովին։
Առաջինը ՝ Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական բարգաւաճումն է, ժողովրդավարութեան խորացումը եւ զոյգ պետութիւններուն անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրումն ու զիջողականութեան վերացումը։
Իսկ երկրորդը՝ Սփիւռքի կենսունակութիւնը, վերանորոգումը եւ փայլատակող զարթօնքի մը անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնն ու իրագործումը։
Ահա այս երկուքին մէջ կը կայանայ մեր ռազմաքաղաքական գերազանցութեան մշտական բանալին։

Ներհայաստանեան քաղաքականութեան մէջ նորօրեայ անհաշիւ միջազգայնականութեան թունաւոր արժեհամակարգի ներկայացումը որպէս պետական արժեհամակարգ, դատապարտուած է պարտութեան : Բանակն ու ընտանիքը, ազգն ու եկեղեցին, սրբութիւններ են համայն հայութեան համար։ Ինչ կը վերաբերի իշխանութիւններու Արցախեան թղթածրարի առնչութեամբ որդեգրած տատամսող  դիրքորոշումին, շատ մտահոգիչ է, որովհետեւ քաղաքական որոշումներու երկար շարքը, անյստակ ու երբեմն զիրար հակասող կեցուածքները կը ջլատեն մեր ուժերը. իսկ մերթ ընդ մերթ հնչող գոհացուցիչ եւ յուսադրող յայտարարութիւնները, ամօթալի գնահատականներ կը ստեղծեն  անհաւասարութիւն մը, զոր միայն կարելի է բնութագրել որպէս անպատասխանատու եւ քայքայիչ։ Երբ քանի մը օր առաջ կարդացինք  իշխանութեան հասած խումբի ազդեցիկ անդամի մը ՖՊ-եան գրառումը, որ ամօթալի օր կը նկատէ քառօրեայ հերոսամարտի նահատակներուն օրը (Ի՞նչ կ’ուզես ըսել), կամ ուրիշ մը, որ մոռնալով իր դիրքին բարոյական պատասխանատուութիւնը անամօթօրէն կը յայտնէ ու կ’ըսէ, թէ իր կարծիքով Արցախեան սահմանապահ հերոսները զոհուած են «յանուն ոչինչ»ի, ուստի կը հասկնանք, թէ հակազգային լուրջ՝ ներքին եւ արտաքին՝ ոչ հայանպաստ, քաղաքական ծրագրի մը ենթակայ ենք ազգովին։
Իլհամ Ալիեւի «երազը» իրականացնելու համար Ազրպէյճանը աւելի քան 20 տարի շարունակ իր պետական պուտճէէն զգալի մաս մը տրամադրած է բանակին։ Ազրպէյճանը աւելի քան 20 միլիառ տոլար ծախսած է Արցախը «ազատագրելու» համար, բայց 2016-ի մարտական ձախողութենէն ետք Պաքուն վերջապէս հասկցաւ, որ Արցախը անձեռնմխելի է, եւ այսպիսով անոնց դիւանագիտութիւնը  ուղղուեցաւ դէպի այնպիսի կազմակերպութիւններ, որոնք ժամանակակից գործելաոճով, ապակայունացնող գձուձ միջոցներու դիմելով պառակտումներ կը փորձեն ստեղծել, կը յաջողեցնեն կամ կը ձախողեցնեն իշխանափոխութիւններ, կը քանդեն կամ կը պաշտպանեն տարածքներ։
Պատահական չէ, որ վերջին 2 տարիներուն Խոչալուի քաղաքական վաճառքը  բազմապատկուած է։ Այսօր աւելի քան երբեք թշնամիին լոպին, իր ոխն ու ցեղապաշտութիւնը, դրամն ու կեղծիքը խառնելով, կը հարուածէ մեզ։
Ուրեմն արթննա՛նք սիրելիներ, այսօր եւ ամէն օր յարձակման տակ ենք, օր մը զէնքով, օր մը արտաքին ճնշումով, եւ յատկապէս ներքին անկայունութեան սպառնալիքներով։

Այսօրուան դիմակահանդէսին հանդիսատես ենք բոլորս եւ գուցէ՝ ականատես։

Ուրեմն Ո՛չ գոռանք արտաքին ապազգային գործօններուն, որոնք զիջողականութեան առաւելութիւնները կը քարոզեն իշխանութիւններուն : Թէ՛ արտաքին, եւ թէ ներքաղաքական ճակատին վրայ, խաղաղութեան եւ ապառազմականացման դէմ պայքարը ճակատագրական է պետութեան գոյատեւման համար։
Այո՛, ազգ-բանակ կարգավիճակը տեսլական մը չէ, ոչ ալ նախընտրանք, բայց կովկասեան  աշխարհագրական մտահոգիչ պայմանները մեզի կը պարտադրեն ապրիլ մեր բանակին հետ, եւ ըլլալ մեր բանակին մէջ՝  ճակատագրական փոփոխութիւններ եւ որոշումներ պահանջող բռնկող օրերուն։

Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի քաղաքականացումին, վերականգնումին, վերակազմակերպումին, վերաշխուժացման ու ազգային առաջնահերթութիւններու գիտակցութեան զարթօնքին, բոլորս պատասխանատու ենք, ամէնէն համեստ ու խոնարհ դասակարգի պատկանողէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը. բոլորիս ներդրումը խիստ անհրաժեշտ է։
Գաղութներու մէջ կը տիրէ անհերքելի թուլամորթութիւն: Պէտք է գտնել պատճառը եւ քանդել անտարբերութեան պատը: Մարտահրաւէրները փոխուած են, արհեստագիտութիւնը քառասմբակ կը յառաջանայ, հետեւաբար համայնքային աշխատանքներուն մասնակցելու արդիական եւ ժամանակակից ձեւեր ստեղծելով ներգրաւենք անտարբերները՝ ըլլան անոնք կազմակերպչական, քաղաքական եւ  կամ մարզամշակութային։ 

Ազգայինին կարեւորութիւնը ընդգծելով, արժէքներու համակարգ ճշդելով ու հետապնդելով, տեսլական ունենալու խայծը ներմուծելով, մշակութային արժէքներուն դերակատարութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը սորվեցնելով, հայ համայնքը կը դարձնենք փեթակ՝ մեղուանոց՝ անխոցելի գաղութ։
Զոհաբերութեան Աստուծոյ պաշտամունքը եղած է մեր ամրութեան բանալին, սակայն երբ եսը կը գերադասէ մենքին, արդէն համայնքային հաւաքականութեան ճակատագիրը կը դառնայ պայմանական եւ ձեւական: Այս ողորմելի ուղիէն ձերբազատելու համար նոր զարթօնք պէտք է, ժամանակակից հայրենասիրական գաղափարաբանութիւն պէտք է։
Բարձրացի՛ր բարձրացուրի սկզբունքը պէտք է դարձնենք համայնքի ուղեցոյցը, որպէսզի ունենանք հզօր գաղութ, որով կարելի պիտի ըլլայ մասնակցիլ Հայաստանի բարգաւաճման աշխատանքներուն, միաժամանակ դառնալով վահան մեր զոյգ պետութիւններուն համար։ Ահա 2 ուղեգիծեր, որոնցմով կարելի է յարգել յիշատակը մեր նահատակներուն, որոնք նոյն այս հսկայական աշխատանքին համար կը հանդիսանան առաջինը իբրեւ ուժի ու կամքի աղբիւր եւ զոհաբերութեան օրինակ։
Ուրեմն անցնինք գործի, որովհետեւ այսօրը ուշ է արդէն։
Սփիւռքէն Հայաստան՝ ինքնուրոյն ձայնով երդուենք՝ Արցախ կամ մահ։

ՆԺԴԵՀ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ