Ապրիլ 1ի գիշերը, Ազրպէյճանի կողմէ նախատեսուած լայնածաւալ յարձակումներ կը սկսին Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ: Այս յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք հայկական կողմը կ՛ունենայ տասնեակ նահատակ զինուորներ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ, չմորնալով ծերունիներու եւ պատանիներու սպանդը, իսկ Ազրպէյճանի կողմը ունեցաւ բազմապատիկ անգամ աւելի զոհեր, շնորհիւ մեր յանդուգն զինուորներուն: Ասոնք պատերազմի ոճիրներ են: 2016ին, պատմութիւնը կը կրկնուի, դարձեալ եւ միշտ…