Կենացդ հայ զինուոր

Սիրելի՛ հայ զինուոր,

Ըստ երեւոյթին դեկտեմբերի 31-ն է այսօր։ Բոլորը պատրաստ են դիմաւորելու 2017-ն։ Մեր քով ամէն տարուայ նման ընտանիքը եւ ընկերները ջերմ մթնոլորտի մէջ հաւաքուած, գունաւոր մեր տոնածառի եւ ամանորի մեր ճոխ սեղանի շուրջ իրար գինիի բաժակ կը լեցնեն ու իրար կենաց կը խմեն։ Երեխաները իրենց յաւերժական անմեղութեամբ կաղանդ պապային նուէրներուն կը ծանօթանան։ Հոս՝ 12-ամեայ Սդեֆանին, բաւական գոհ է իր նուէրէն՝ Արմենչիկի համերգի տոմս մը, հակառակ որ հայերէն շատ լաւ չի խօսիր ։ Իսկ հոն՝ փոքրիկ Ռաֆայէլը արդէն ստացած է իր առաջին զէնքը եւ ահա կ’ուզէ մեզ «սպաննել»։ Երջանիկ ենք ու խաղաղ։

Այս է մթնոլորտը մեր քով, սիրելի՛ զինուոր։ իսկ քու քովդ, զինուո՛ր, ինչպէ՞ս է մթնոլորտը։

Վստահ եմ որ զինակից ընկերներու հետ, դուք եւս ձեր կարգին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կը դիմաւորէք նոր տարին։ Թերեւս սահմանային այդ սառուցեալ ցուրտին մէջ տաք ապուրի մը շուրջ հաւաքուած, ազգային երքերով է որ կը փորձէք ջերմանալ եւ զուարճանալ։ Թերեւս ալ տղոցմէ մէկը կաղանդ պապային դերը կը փորձէ կատարել իբր մխիթարանք։

Թերեւս մտածումներ ունիք ձեր ընտանիքներուն, ձեր հայրերուն ու մայրերուն, ձեր կիներուն ու զաւակներուն մասին։ Որքան անոնք պիտի նախընտրէին այս գիշեր ձեզ հետ միասնաբար դիմաւորել նոր տարին, եւ միակ մաղթանքը որ պիտի ունենային յաջորդ տարուան համար՝ ձեր եւ ազգի խաղաղութիւնն է։

Թերեւս կենաց մը կը խմէք ի յիշատակ վերջին զոհուած լաւ տղոց, որոնք տակաւին քանի մը ամիս առաջ նոյն դիրքը, նոյն սահմանը եւ նոյն հողը կը պաշտպանէին ձեր կողքին: Սակայն թշնամու չարագործութիւններուն զոհը դարձան եւ յաւերժացան մեր յիշողութիւններուն մէջ որովհետեւ արիւնով պահեցին արիւնով ազատագրուած հայրենիքը: Թերեւս ալ կը մտածէք անոնց մայրերուն, անոնց վշտին՝ ինչպէ՞ս ընդունիլ նոր տարի մը երբ նախորդը տարաւ հարազատ զաւակ մը: Կը մտածէք նաեւ ամէն մէկ երեխայի կամ պատանիի մասին որ դատապարտուած է որբութեան, սակայն հպա՛րտ որբութեան, քանի զաւակն է հերոսի մը՝ զոհուած ի սէր հայրենի հողին։

Թերեւս, սիրելի՛ զինուոր, զօրամասի հրամանատարը պահակութեան դիրք ուղարկեց քեզի, եւ այս վայրկեանին երբ բոլոր աշխարհը տօնակատարութեան մէջ է, դուն կը պայքարիս մեր ժողովուրդի խաղաղութեան: Որովհետեւ անփոփոխ թուրքը պիտի փորձէ նոյնիսկ այս գիշեր ձեզ անհանգիստ պահել։

Զինուոր ջան, ինչ որ ալ ըլլայ մթնոլորտը հոն, Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը երախտապարտ է եւ գիտակից՝ որ եթէ այսօր հազարաւոր հայ ընտանիքներ խաղաղութեան մէջ կը տօնեն ամանորը՝ անոնք կը պարտին միայն ու միայն քու զոհաբերութեանդ, քու քաջագործութեանդ եւ քու անձնազոհութեանդ։

Այս գիշեր մեր առաջին բաժակը կը բարձրացնենք, եւ մաղթելով խաղաղ ծառայութիւն՝ կը խմենք քու կենացդ, սիրելի՛ հայ զինուոր։

Կորիւն Շանթ